ԵՐԵՎԱՆ, ՀՈՒՆԻՍԻ 28, 24News
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Մարսէյ եռօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Մարսէյի ազդեցիկ տարբեր շրջանակներու (տնտեսական, ճարտարարուեստի, քաղաքական, համայնքային,մարզական, մշակութային, առեւտրական, գիտական-կրթական, եւայլն) հետ, զոր հրաւիրած էր անձամբ:
Սոյն երեկոյին, Մարսէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ իր հանդիպումին, որուն ներկայ էր նաեւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշ, պատասխանելով իրեն ուղղուած դիմումին՝ «պարոն նախագահ, Արցախի շրջափակման եւ ազերիական յարձակողապաշտ ընթացքին դէմ ձեզմէ կը սպասենք առաւել ազդու նախաձեռնութիւն, գործնակա՛ն եւ ոչ միայն բարոյական», ըսաւ հետեւեալը. «Ես Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ քան նոյնինքն Փաշինեանը: Հարցը Փաշինեանն է: Ես Արցախի հարցով միակն եմ, որ յստակ կեցուածք ու պատգամ ունիմ», տեղեկանում ենք ՀՅԴ պաշտոնական կայքից։
Նախագահ Մաքրոն եզրակացուց. «Մի կասկածիք Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի գծով վճռականութեանս: Պիտի շարունակեմ ջանքս, նոյնիսկ եթէ մինչ օրս այս օրակարգով գրեթէ միակն եմ միջազգային ընտանիքէն ներս: Գիտէք նաեւ, որ առաջին անգամ ըլալով Ֆրանսա Հայաստանի իր դեսպանութեան մօտ ուղարկեց զինուորական իր կցորդը, որ պէտք է որոշ բան նշանակէ, չէ՞: Մենք պիտի ընենք մեր կարելին, առաւելագոյնը»:
Ավելին՝ սկզբնաղբյուր կայքում։
--00—ՍՊ