ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 20, 24News
Արևագալի ժամերգություն է կատարվել Սրբոց Քառասնից մանկան մայր եկեղեցում։ Հայտնում են Բերիո Հայոց թեմի մամուլի ծառայությունից։
«Չորեքշաբթի, 19 Մարտ 2025-ի առաւօտուն, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Արեւագալի ժամերգութիւն կատարուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի եւ եկեղեցւոյ քահանայ հայրերուն։
Մեծ Պահքի հոգեպարար աղօթքներ արտասանելով հաւատացեալները հոգեպէս ներշնչուեցան։
Իր հայրական պատգամը ժողովուրդին ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Ան դիտել տուաւ, որ քառասնօրեայ պահեցողութիւնը լաւագոյն առիթն է քայլ մը աւելի Աստուծոյ մօտենալու, երկու քայլ աւելի կատարելութեան աստիճանը բարձրանալու, երեք քայլ աւելի առաքինութիւններ ձեռք բերելով աստուածահաճ կեանք ապրելու եւ չորս քայլ աւելի ինքնաքննութեան ճամբով հասնելու այն ճշմարտութեան, ուր կրնանք ամբողջական կերպով ճանչնալ զԱստուած՝ սիրոյ աղբիւրը, փրկիչը, ներողամիտ եւ ողորմած հայրը։
Սրբազան Հայրը Արեւագալի արարողութեան ընթացքին արտասանուող Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին աղօթքը մէջբերելով, քանի մը ճշմարտութիւններ մատնանշեց։
Ա. Աստուած է հոգեւոր, իմացական լոյսը։ Լոյսը մարմին առնելով մեր մէջ բնակեցաւ, որպէսզի աստուածային լոյսով լուսաւորէ մեր ներաշխարհը։
Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետ զԱստուած իբրեւ ճշմարիտ լոյս կը գովաբանէ եւ զայն իբրեւ այդպիսին կը ներկայացնէ, ինչպէս Սաղմոսերգուն ալ իր արտայայտութեան մէջ կը յիշէ. «Քու լոյսովդ է, որ մենք լոյսը կը տեսնենք»։ Մենք բոլորս աստուածային իմաստութեան լոյսին կարիքը ունինք, որպէսզի այդ լոյսով կարողանանք տեսնել աստուածային ճշմարտութիւնը, ճանչնալ զայն եւ ըստ այնմ դրսեւորել մեր կեանքի ընթացքը։
Բ. Սրբազան Հայրը աղօթքի ճշմարտութեան ընդմէջէն շեշտեց, թէ ինչպէս նոյն լոյսը մարմին ստանալով աշխարհ կը խոնարհի, Փրկիչը կը հանդիսանայ ողջ մարդկութեան եւ այդ փրկութիւնը կը շնորհէ Խաչի ճամբով, ատոր համար ալ կ՚ըսէ. «Մենք քու խաչիդ կ՚ապաւինինք»։
Հաւատացեալը քառասնօրեայ Պահեցողութեան ընթացքին աւելիով պէտք է բացուի սոյն ճշմարտութեան եւ խաչին խորհուրդին հետ հաղորդ դառնալով ամբողջական հաւատքով եւ վստահութեամբ ապաւինի խաչին զօրութեան եւ Խաչեալին, որուն համար Ս. Ներսէս Շնորհալի կը հրաւիրէ մեզ աղօթքի ճամբով ապաւինելու Քրիստոսի Ս. Խաչին։
Գ. Խաչին եւ փրկութեան ճամբով մեզի տրուած ներքին խաղաղութիւնն է, աստուածային խաղաղութիւնն է, որ միայն Քրիստոսով կը տրուի, աշխարհը չի կրնար տալ։ Այդ իմաստով, Քրիստոս ինք կը հանդիսանայ Խաղաղութեան Իշխանը, համաձայն Եսայի մարգարէութեան, եւ որուն համար Քրիստոս եկաւ աշխարհ՝ այդ խաղաղութիւնը հաստատելու մարդոց սրտերուն մէջ, ինչպէս իր աշակերտներուն յիշեցուց եւ ըսաւ. «Ես ձեզի իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ, որ կը տարբերի այս աշխարհի խաղաղութենէն»։
Դ. Քրիստոս աստուածային ողորմութիւնն է։ Ամբողջ աշխարհը այսօր կը տառապի այդ ողորմութեան բացակայութենէն։ Հետեւաբար, հաւատացեալները Քրիստոսը որպէս ողորմութեան աղբիւր կը հրաւիրեն, որ իրենց մէջը ժայթքի եւ իր ողորմութեամբ ողողէ զիրենք եւ ողջ աշխարհը վայելէ այդ ողորմութիւնը, այդ ողորմութեամբ առաջնորդուի եւ իր կեանքը արժեւորէ։
Սրբազան Հայրը գնահատեց հաւատացեալները, իրենց նախանձախնդրութեան համար եւ պատուիրեց, որ շարունակ օրհներգեն զԱստուած, Աստուածաշունչը կարդան եւ առանց տկարանալու, աղօթքով Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնն ու առաջնորդութիւնը հայցեն։ Ան աղօթեց, որ հաւատացեալները, քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին, Աստուծոյ սպառազինութեամբ սպառազինուած, շարունակեն իրենց հաւատքի հոգեւոր պայքարը մղել»։
--00—ՍՊ