ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 22, 24News
Բերիո Հայոց թեմի առաջնորդ Տեր Մակար եպիսկոպոս Աշգարեանն ընդունել է Սիրիայում ՀՀ դեսպանին․ Հալեպի գլխավոր հյուպատոսին և հյուպատոսության խորհրդականին։ Հայտնում են Բերիո Հայոց թեմի մամուլի ծառայությունից․
«Շաբաթ, 22 Մարտ 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց ՀՀ Սուրիոյ մէջ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Ռուբէն Խարազեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արա Աւետիսեան եւ Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգային Վարչութեան անդամներ, Յարաբերական Յանձնախումբի անդամ Յարութ Հայրապետեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեան։
Մեծարգոյ դեսպանը Հալէպ ժամանած է ՀՀ կողմէ Սուրիա առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնը ընդունելու։ Այս շրջագիծէն ներս, ան այցելութիւն տուաւ Սրբազան Հօր։
Հանդիպումին արծարծուեցան երկրի քաղաքական իրավիճակին, սուրիահայութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն եւ յառաջիկային կատարուելիք աշխատանքներուն առնչուող նիւթեր։ Դեսպանը յայտնեց, որ երկու պետութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական սերտ գործակցութիւնը շարունակուելով, ցամաքային ճամբով Հալէպ պիտի հասնի մարդասիրական օժանդակութիւն՝ որպէս զօրակցութիւն Սուրիոյ ժողովուրդին։
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի պետութեան եւ համագործակցութեան ոգիով կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ աշխատանքներուն։
Այնուհետեւ, մեծարգոյ դեսպանը, հիւպատոսն ու խորհրդականը այցելեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ մօտէն ծանօթացան եկեղեցւոյ պատմականին եւ յատկապէս սրբապատկերներուն պատմական արժէքին»։
--00—ՍՊ