ԵՐԵՎԱՆ, ՓԵՏՐՎԱՐԻ 28, 24News
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսը հյուրընկալել է Խորեն Ա․ կեդրոնի նորակազմ հանձնախումբին։ հայտնում են Կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից․
«Ստանձնելէ ետք Կաթողիկոսարանի Խորէն Ա. Կեդրոնի ծրագիրներու զարգացման պարտականութիւնը, անոր նորակազմ յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ կեդրոնի տնօրէն Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, Ուրբաթ, 21 Փետրուար 2025-ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ ստանալու անոր օրհնութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին յանձնախումբը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ նման առաքելութիւն մը իրեն վստահելուն համար, եւ ներկայացուց յառաջիկայ տարուան աշխատանքային ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէ դաստիարակչական եւ հմտութիւններու զարգացման զանազան ծրագիրներ՝ ամէն տարիքի համար։ Յանձնախումբի աշխատանքներու ծիրին մէջ կ՚իյնայ նաեւ կեդրոնին մէջ գործող վարչութիւններուն գործունէութիւններու եւ շրջանի բնակիչներու յատուկ ծրագիրներու համադրումը։
Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունելով նորաստեղծ յանձնախումբը եւ լսելէ ետք անոր ծրագիրները, գնահատեց անդամներուն պատրաստակամութիւնն ու նուիրուածութիւնը՝ դիտել տալով նման կեդրոնի մը դերակատարութեան կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Ապա, ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Խորէն Ա. Կեդրոնի պատմականին եւ յիշեց, որ ան նախապէս հայկական վարժարան եղած է, սակայն այսօր, պայմաններու բերումով, վերածուած է կեդրոնի մը, որ կը միտի երիտասարդութիւնը առաւել եւս ներգրաւելու մեր ազգային կեանքին մէջ։
Վեհափառ Հայրապետին եւ յանձնախումբին զրոյցը կեդրոնացաւ գաղութի երիտասարդներու կարիքներուն վրայ՝ մարդուժի պատրաստութեան եւ աւանդութիւններու վերականգման աշխատանքներու լոյսին տակ։ Նորին Սրբութիւնը այս երկու մտահոգութիւններուն յատուկ կերպով անդրադարձած էր վերջին երկու տարիներու իր հայրապետական հռչակագիրներուն մէջ։
Նշենք, որ յանձնախումբի անդամներն են՝
- Ժանին Դանիէլեան Մարգարեան (ատենապետ),
- Փոլ Տօնիկեան (ատենադպիր եւ գանձապահ),
- Մարիա Ադամեան Աւետիսեան (հաշուապահ),
- Շանթ Ստեփան (դաստիարակչական ծրագիրներու համադրող) եւ
- Աստղիկ Ճանպուլեան Գանտահարեան (խորհրդատու)»։
--00—ՍՊ