Մեր առաջնահերթություները, Արցախի վերադարձի պահանջատիրության կռվանները պետք է ամրացնել․ ՀՅԴ Բյուրո

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 18, 24News

ԼԼ

020ին Ատրպէյճանին կողմէ շղթայազերծուած պատերազմը եւ անոր յաջորդող ու դեռ շարունակուող ուժի գործադրութեամբ յառաջ մղուած անվերջանալի պահանջները ունին մէկ նպատակ՝ անշրջելի ձեւով Արցախի հարցը փակել եւ մարսել Արցախի բռնագրաւումը: Դժբախտաբար, այս նպատակը յառաջ քաշելու համար բարենպաստ աշխարհաքաղաքական պայմանները դասաւորուեցան ի նպաստ թշնամի երկրի նկրտումներուն, եւ աշխարհը լուռ հետեւեցաւ միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտումներով իրականացուած ցեղասպանութեան:

Մեծ է նաեւ ՀՀ իշխանութիւններու նախապատերազմեան եւ յետպատերազմեան վարած արտաքին ձախաւեր քաղաքականութեան ազդեցութիւնը, որ իր ողջ ընթացքով Արցախի հարցը փակելու թշնամի երկրի ջրաղացին ջուր թափեց եւ կը շարունակէ թափել:

Հայութիւնը, եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, չի կրնար հաշտուիլ այս պնդումին հետ: Արցախը իբրեւ հազարամեայ հայրենիք եւ աւելի քան երեսնամեայ անկախ գոյութիւն, մարդկային ու միջազգային բոլոր օրէնքներու տրամադրութիւններով հայապատկան ըլլալու բոլոր տուեալները ունի: Իսկ աշխարհաքաղաքական այսօրէական դասաւորումները չեն կրնար տապանաքար դնել Արցախի հարցին վրայ, եթէ հայ ժողովուրդը հետեւի արաբական այն ասացուածքին, որ կ’ըսէ «իրաւունք մը չի կորսուիր՝ երբ անոր ետին պահանջատէր կայ»:

Ուստի, Արցախի հարցը բաց պահելու բոլոր միջոցները պէտք է կիրառել եւ Արցախի վերադարձի պահանջատիրութեան կռուանները անընդհատ պէտք է ամրացնել: Այս հաստատումները երեւակայածին չէին 20րդ դարու վերջին տասնամեակին, երեւակայածին չեն նաեւ այսօր, եթէ կարենանք վերականգնել հայութեան համախմբուածութեան պահանջատէր կամքը ու ձերբազատուիլ պարտուողական ու ապազգային բոլոր տեսակի ընկրկումներէ ու դատարկախօսութենէ:

* Արցախի վերադարձի պահանջատիրութեան առաջին կռուանը արցախահայութիւնը Հայաստանի մէջ համախումբ պահելն է: Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայաթափուած Արցախի բնիկ հայրենակիցները համազգային գուրգուրանքի առարկայ դարձնելով հայ ժողովուրդը ամրացուցած կ’ըլլայ Արցախը ազատագրելու պայքարի միջնաբերդը: Իբրեւ առաջամարտիկ ազգային ազատագրական մեր պայքարին, արցախահայութեան կարիքներու բաւարարումը համազգային պարտք է, ոչ իբրեւ մարդասիրական օժանդակութիւն, այլ իբրեւ ռազմավարական գործօն եւ ազգային մեր անվտանգութեան դարպաս:

*Արցախահայութեան հաւաքական կամքը արտայայտող պետական օղակներու պահպանումն ու ամրապնդումը կարեւոր լծակ են պահանջատէր հայութեան պայքարին, միջազգային ատեաններու մէջ հաւաքական ու անվտանգութեան երաշխիքներով ամրագրուած վերադարձի մը համար: Արցախի հարցը արծարծ պահելու կարեւոր կռուան է ազգընտիր ներկայացուցչութեան պահպանումը, որ լիազօրուած օրինական բանբերը կրնայ հանդիսանալ իրաւազրկուած արցախահայութեան: Այդ օղակներու կազմաքանդումին միտող իւրաքանչիւր փորձ, պէտք է դիտուի իբրեւ Արցախի հարցը փակելու հակազգային քայլ:

*Պաքուի մէջ ընթացող Արցախի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան մէջ իրենց անուրանալի աւանդը ունեցած՝ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու այլ գերիներու կեղծ դատավարութիւնը թշնամի երկրին կողմէ հայութեան պահանջատէր կամքը կոտրելու եւ Արցախի հարցը փակելու լկտի ճիգ է: Այս գծով ցուցաբերուած լռութիւնն ու անտարբերութիւնը ոչ միայն մարդկայնօրէն դատապարտելի է, այլ նաեւ ազգային իրաւունքներու նկատմամբ յանցաւոր կեցուածք: Որովհետեւ, անոնց ազատ արձակումը վերահաստատում մըն է հայ ժողովուրդի մղած պայքարի արդարացիութեան:

*Այսօր, Արցախեան պայքարի կիզակէտը կը հանդիսանայ հաւաքական երաշխաւորուած վերադարձի իրաւունքը: Ուստի, այս գծով իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական
համահայկական բոլոր ջանքերը պարտաւոր են առաջնորդուիլ այդ իրաւունքի իրացումով, իբրեւ մեկնակէտ Արցախի ազատագրման սեւեռակէտին:

Վերոնշեալները, ոմանք կը նկատեն ռեվանշիզմ, ոմանք կը նկատեն ցնորք, ոմանք ալ կը նկատեն իրենց կեղծ խաղաղութեան խոչընդոտներ: Սակայն, արժանապատիւ խաղաղութեան հաւատացող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար այս առաջնահերթութիւնները հիմնուած են մեր ազգային անժամանցելի իրաւունքներուն ու միջազգային օրէնքի տառին ու ոգիին համահունչ սկզբունքներու վրայ, որոնք էապէս կը բխին մեր ազգային անվտանգութեան նկատառումներէն եւ որոնց նկատմամբ ազդեցիկ միջազգային աջակցութիւն կարելի է ձեւաւորել:

Խաժակ Մկրտիչեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ
 

--00—ՍՊ