ԵՐԵՎԱՆ, ՓԵՏՐՎԱՐԻ 25, 24News
Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջհամայնքային օժանդակութեան յանձնախումբը կը յայտարարէ, որ պատրաստ է օժանդակելու երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած ընտանիքներուն՝ վարձակալութեան գումար յատկացնելով: Գրում է «Գանձասար» պարբերականը։
«Իւրաքանչիւր տուժող կրնայ ներկայանալ իր համայնքի եկեղեցւոյ երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմինին, որպէսզի ստանայ համապատասխան դիմումնագիր, որ ստորագրուած պիտի ըլլայ պատասխանատու երկրաչափին կողմէ բնակարանին անօգտագործելի ըլլալու հաստատումէն ետք, ինչպէս նաեւ նոյն երկրաչափին կողմէ վարձու բնակարանին ապահով ըլլալը ստուգելու եւ ապա շարունակելու օժանդակութեան գործընթացը»,- ասված է հաղորդագրության մեջ։
--00—ՍՊ