Պետք է ճնշել Բաքվին՝ ազատ արձակելու գերեվարված մեր հայրենակիցներին․ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմին

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 4, 24News

ՖՖ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«37 տարի առաջ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ Պաքուի իշխանութիւնները կազմակերպեցին բռնութիւններ, սպանութիւններ եւ ջարդեր հայերու դէմ: Սումկայիթի մէջ ապրող հայերը սպաննուեցան պարզապէս, որովհետեւ հայ էին:

«Հայերը բնաջնջելու Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը Սումկայիթով չբաւարարուեցաւ: Նոյն ճակատագիրին ենթարկուեցան Կիրովապատի, Պաքուի, Մարաղայի եւ Արցախի հայերը: 19 փետրուար 2004-ին, Պուտափեշտի մէջ ազրպէյճանցի սպան կացինահարեց հայ սպան` իր քունին մէջ սպաննելով զայն: Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ Պաքուն գործեց ռազմական յանցագործութիւններ եւ Արցախի մէջ պատերազմ հրահրելով նախ շրջափակեց եւ ապա հայաթափեց շրջանը: Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը կը շարունակուի Արցախի մէջ հոգեւոր-մշակութային- քաղաքակրթական հայկական ժառանգութիւնը ջնջելով:

«Պաքուի մէջ կը պահուին հայ գերիներ: Անոնց դատավարութիւնը Ազրպէյճանը կը շահագործէ ծածկելու համար իր գործած յանցագործութիւնները եւ նոյն մեղադրանքները բարդելու համար հայկական կողմին վրայ:

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը լիբանանեան հանրային կարծիքին սեփականութիւնը կը դարձնէ այս հանգամանքները` շեշտելով, որ Սումկայիթով սկսած եւ Արցախով վերջացած ցեղասպանական քաղաքականութեան համար Պաքուն պէտք է պատասխան տայ միջազգային արդարադատութեան:

«Միջազգային ընտանիքը պէտք է անյապաղ ճնշումներ բանեցնէ ազատ արձակելու համար ֆիզիքական եւ հոգեկան չարչարանքներու ենթարկուող Արցախի գերիները»:


--00—ՍՊ