Արամ Ա․ Վեհափառի նախագահությամբ քննարկվել է Արցախի գերեվարված ռազմաքաղաքական ղեկավարների հարցը

ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 4, 24News

dd

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը կայացաւ Կիրակի, 2 Մարտ 2025-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։

Նիստը քննարկեց.-

ա) Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, գերիներու եւ պահուող անձանց ազատ արձակման կոչով Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին ուղղած նամակը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին։

բ) Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած հանդիպումները Զուիցերիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ Ցեղասպանութեան պատճառականութեան մասին վարչապետին հնչեցուցած միտքերուն նկատմամբ հասցէական արձագանգը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն Հարթակի անդամ պատմաբանները, իրաւագէտներն ու քաղաքագէտները խորքային քննարկումով անդրադարձան աշխարհակարգային փոփոխութիւններուն, անոնց ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հարաւային Կովկասի տարածշրջանին վրայ, Հայաստան-Սփիւռք բացակայող համագործակցութեան պատճառներուն եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան յղացքին մասին վարչապետ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւններուն։ Նիստի ընթացքին մասնակիցները արձանագրեցին, որ նման հարցադրումներով ներհայկական դաշտին մէջ տարակարծութիւններ կը յառաջանան ամենահամահայկական օրակարգին շուրջ։ Աւելին, այսպիսի բանավէճ ստեղծելով, ըստ էութեան, յագուրդ տրուած կ՚ըլլայ Անգարայի կողմէ յառաջ քշուող «պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով» Ցեղասպանութեան իրողութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող քաղաքականութեան։

Ռազմագերիներու խնդրին առնչութեամբ ժողովականները նշեցին, որ հակառակ կտտանքներու ու հոգեբանական ճնշումներու, անոնք արժանապատիւ կեցուածք ունին. Հարթակի անդամները միաժամանակ արձանագրեցին, որ այսպիսով Պաքուն նպատակադրած է Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն դէմ եղած հայցադիմումներու չեղարկում պարտադրել Երեւանին եւ արցախեան պատերազմի ամբողջ մեղքը բարդել Հայաստանի եւ Սփիւռքի ուսերուն։

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի անդամները հաստատեցին, որ նման ճակատագրորոշ ժամանակաշրջանի անհրաժեշտ է բոլոր մակարդակներու վրայ ազգային կեդրոններու եւ ոյժերու համախմբում՝ դիմակայելու համար արհաւիրքները։

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց կայացած մասնագիտական քննարկումները եւ շեշտեց, որ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ շեշտակի ըսել իր խօսքը՝ բոլոր այն երեւոյթներուն դէմ, որոնք կը հակասեն համահայկականութեան, եկեղեցւոյ միութեան եւ ազգի համախմբման։ Ան աւելցուց, որ համահայկական կառոյցները իրենց աշխատանքները պէտք է կեդրոնացնեն Արցախի գերիներու ազատ արձակման համար Ազրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձը անվտանգութեան երաշխիքներով ապահովելու եւ մեր ժողովուրդի պատմական բոլոր իրաւունքները պաշտպանելու։

Այս առիթով յայտնենք, որ հրատարակութեան յանձնուած է Արցախի ցեղասպանութեան թեմայով, 2024-ի Յունուարին ու Ապրիլին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած գիտաժողովի զեկուցումներու հաւաքածոն, որ կ՚ընդգրկէ իրաւական, մշակութային, պատմական ու քաղաքական բնոյթի այժմէական փորձագիտական նիւթեր, որոնք մեծապէս օգտակար կրնան հանդիսանալ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման նպատակով տարուող զանազան աշխատանքներու։


--00—ՍՊ