Թուրքիայի և Ադրբեջանի տարած քարոզչական աշխատանքներին հակազդելը հրամայական է․ Արամ Ա Հայրապետ

ԵՐԵՎԱՆ, ԱՊՐԻԼԻ 12, 24News

aa
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին այցելել են հայ քաղաքական երեք կուսակցությունների ներկայացուցիչները, հայտնում են Կաթողիկոսության մամուլի ծառայությունից։ 

«Ուրբաթ, 11 Ապրիլ 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ կուսակցութիւններու Լիբանանի մարմիններու ատենապետներուն։
 
Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն բնոյթին եւ հիմնական առաջադրանքներուն մասին։ Ան շեշտեց, որ ձեռնարկներուն բովանդակութեան առանցքը պիտի ըլլան շարունակուող ցեղասպանութիւնները, որոնք գործադրուեցան Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Կազայի։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն միացեալ աշխատանքները եւ ընդգծեց Ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով տարուող միասնական աշխատանքներուն կարեւորութիւնը։
 
Լիբանանի հանրային կարծիքին ուղղուած պատգամներուն կարեւորութիւնը շեշտելով՝ Հայրապետը ընդգծեց Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի տարած քարոզչական աշխատանքներուն հակազդելու հրամայականը, միաժամանակ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնելով Վատիկանի Կրէկորեան համալսարաանին մէջ Պաքուի իշխանութիւններուն կազմակերպած «Քրիստոնէութիւնը Ազրպէյճանի Մէջ» խորագրով պատմական իրողութիւները նենգափոխող նախաձեռնութեան առիթով։
 
Պատուիրակութեան անդամները նաեւ յայտնեցին, որ 110 ամեակի կեդրոնական մարմինն ու միջ-երիտասարդական յանձնախումբը կը համակարգեն նահատակաց հրապարակին վրայ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան տեղի ունենալիք քաղաքական հաւաքին եւ նոյն օրուան գիշերը Պիքֆայայի յուշարձանին հովանիին տակ կայանալիք համա-երիտասարդական հսկումին աշխատանքները։ Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ խիտ շարքերով ներկայութիւն պիտի ըլլան Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Սուրբ Պատարագին եւ անկէ ետք Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին առջեւ կատարուելիք բարեխօսական կարգին եւ հայրապետական Ապրիլ 24-եան ոգեշունչ պատգամին»։

--00--ՍՊ