ԵՐԵՎԱՆ, ՀՈՒՆՎԱՐԻ 28, 24News
Կաթոլիկ եկեղեցիների քահանայապետական գրասենյակի նախագահ կարդինալ Կլաուդիո Գուջերոտիին այցելել է Բերիո Հայոց թեմի ազգային առաջնորդարան և Սրբոց Քառասնից մանկանց մայր եկեղեցի․
«Երկուշաբթի, 27 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հիւրընկալեց Վատիկանէն ժամանած Պապի ներկայացուցիչ, Վատիկանի մէջ Արեւելեան Եկեղեցիներու Բաժանմունքի ընդհ. վերահսկիչ Քարտինալ Քլաուտիօ Կուճերօթթին, որուն կ՚ընկերակցէին պապական նուիրակ Մարիօ Զննարին, Արեւելեան Եկեղեցիներու բաժանմունքի քարտուղար Միշէլ Ճալխ Եպիսկոպոսը, Լատին համայնքի Առաջնորդ Հաննա Ճալլուֆ եպիսկոպոսը, Դամասկոսի Լատին համայնքի ներկայացուցիչը, Վատիկանի դեսպանատան քարտուղարը եւ այլ հոգեւոր հայրեր։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Ազգ. Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ Արմէն Գասպարեան, Ժագ Գազէզեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեան։
Պաշտօնական այցելութիւնը ընթացաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, տրուած ըլլալով, որ Սրբազան Հայրը նախօրօք կը ճանչնար քարտինալ Կուճերօթթիին, որուն հետ քանիցս հանդիպած է ժողովական պարտականութիւններով։
Քարտինալ Կուճերօթթի քաջատեղեակ է Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, լաւապէս կը տիրապետէ հայերէն լեզուին եւ հայերէն լեզուով գրած է քանի մը գիրքեր։ Ան մօտ է Հայ Եկեղեցւոյ եւ հանդիպումներ ունեցած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։
Քարտինալը Պապին ողջոյնները փոխանցեց, զօրակցութիւն յայտնեց եւ դիտել տուաւ, որ Պապը, որպէս Կաթոլիկ եկեղեցւոյ գլուխ, կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ տիրող կացութեան եւ կը փորձէ օգտակար դառնալ քրիստոնեայ համայնքներուն։ Այս այցելութեամբ, ան, Պապը իրազեկ պիտի դարձնէ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն մասին։
Այնուհետեւ, Քարտինալ Կուճերօթթին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի, ուր առաջին անգամ գտնուելով, իր ուրախութիւնը եւ հոգեկան գոհունակութիւնը յայտնեց, յատկապէս, երբ ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ բարձրարժէք սրբապատկերներուն։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու երկկողմանի փոխանակում»։
--00—ՍՊ