ԵՐԵՎԱՆ, ՀՈՒՆՎԱՐԻ 24, 24News
Զեյթունի հայրենակցական միության վարչությունը այցելել է Բերիո հայոց թեմի առաջնորդ Տեր Մակար եպիսկոպոս Աշգարեանին․
Ուրբաթ, 24 Յունուար 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան։

Վարչութեան անդամները Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առիթով շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը եւ միութեան հրատարակած տարեկան օրացոյցը նուիրեցին անոր։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցան Միութեան յառաջիկայ գործունէութիւններուն մասին, նաեւ տեղի ունենալիք Հոգեհանգստեան արարողութեան։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց միութեան անդամներուն:
--00—ՍՊ